2012-11-21 12:48:50

Սուրիոյ Պատերազմը։ Բախումներ` Քեսապի Շրջակայքը։ Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ։


«Ազդակ»օրաթերթը երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Բերիոյ թեմի Ազգային Առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ հաղորդած է թէ ՝՝երկու օրէ ի վեր Լաթթաքիոյ նահանգին պատկանող հայաբնակ Քեսապի շրջակայքը թատերաբեմ դարձաւ բուռն մարտերու, բանակին եւ ընդդիմադիր զինեալներու միջեւ: Թէեւ Քեսապէն ներս թափանցումներ եւ դէպքեր տեղի չունեցան, սակայն զարկերու եւ ընդհարումներու ընթացքին զարնուեցաւ Քեսապի ելեկտրական կայանը, որուն պատճառով շրջանը զրկուած է հոսանքէ: Խանգարուած են նաեւ հաղորդակցութեան միջոցները՝՝ :
Այն ինչ կը վերաբերի Հալէպ քաղաքին, Ժիրայր Ռէյիսեան կ՝ընդգծէ , որ քաղաքին մէջ իրավիճակը կարելի է նկատել հանդարտ, յատկապէս երբ զգալիօրէն նուազած են զարկերու եւ ռմբակոծման ձայները: Սակայն ստացուած վերջին լուրերուն համաձայն, Գամիշլիէն -Հալէպ տանող ճամբուն վրայ հանրային փոխադրակառքէ մը առեւանգուած է հայ երիտասարդ մը եւս, որուն մասին մանրամասնութիւններուն ստուգումները ընթացքի մէջ են:
Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ.
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ թէեւ վերջին շրջանին ընդդիմութիւնը տարածած էր «Դամասկոսի մարտ»-ի հանգրուանին սկսելու վերաբերեալ տարաձայնութիւններ, սակայն Դամասկոսի արուարձաններու մէջ կը շարունակուին մարտերը, իսկ մայրաքաղաքը ականատես կ՛ըլլայ որոշ զարգացումներու:
Վերջին երկու օրերուն բարձրացած է բռնութեան մակարդակը, որ հետզհետէ կը դրսեւորուի տարբեր երեւոյթներով. քաղաքային մարդատարի պայթումով, որ պատահեցաւ իշխանամէտ բնակչութեամբ ծանօթ շրջանի մը մէջ, այս պատճառով ալ զոհուեցան տասնեակ մը անմեղ քաղաքացիներ: Պատահական հրասանդի հրթիռներ կը հասնին մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ գտնուող հանդարտ եւ խաղաղ թաղամասերը, ինչպէս` Թլիանի, Ապպասիին եւ Մազզէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.